Bible

Elevate

Your Sunday Morning Worship Service

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 Corinthians 2

:
Armenian - 2019
1 Ես ալ, եղբայրնե՛ր, երբ ձեզի եկայ՝ իմաստասիրական մեծ–մեծ խօսքերով չէր որ ձեզի պատմեցի Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրին մասին,
2 որովհետեւ միակ նպատակ դրած էի՝ ձեզի ճանչցնել Յիսուսը՝ Քրիստոսը, այսինքն նոյնիքն խաչուած Փրկիչը։
3 Եւ ձեր քով եկած ատենս ալ տկար էր, սաստիկ վախ ու դողի մէջ,
4 եւ իմաստութեան ճարտար խօսքերով չէր որ խօսեցայ կամ քարոզեցի, այլ՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ եւ ներգործութեամբ,
5 որպէսզի ձեր հաւատքը հիմնուի Աստուծոյ զօրութեան վրայ, եւ ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան։
6 Սակայն հոգեւոր կատարելութեան հասածներուն իմաստութիւն ալ կը քարոզենք։ Բայց մեր քարոզածը ո՛չ այս աշխարհի իմաստութիւնն է, ո՛չ ալ այս աշխարհը կառավարող ոյժերունը, որոնց իշխանութիւնը շուտով պիտի խափանուի։
7 Մեր քարոզածը Աստուծոյ իմաստութիւնն է, որ թաքուն էր եւ մեզմէ ծածկուած կը մնար մինչեւ հիմա, բայց որ Աստուած սկիզբէն իսկ, յաւիտեաններէն առաջ մեզի տալ սահմանած էր, որպէսզի անով մենք փառաւորուինք։
8 Այս աշխարհի իշխաններէն ոեւէ մէկը չհասկցաւ այդ իմաստութիւնը. որովհետեւ եթէ հասկցած ըլլային՝ խաչը չէին հաներ Տէրը, որ այդ փառքը պարգեւողն է։
9 Սակայն, ինչպէս գրուած է.– «Աստուած զինք սիրողներուն համար պատրաստեց այնպիսի փառք մը, որ ոեւէ աչք չէ տեսած, ոեւէ ականջ չէ լսած, եւ ոեւէ մէկուն միտքէն իսկ չէ անցած»։
10 Բայց Աստուած մեզի յայտնեց այդ խորհուրդը իր Հոգիին միջոցաւ, որովհետեւ Հոգին, որ ամէն ինչ կը քննէ, գիտէ Աստուծոյ նոյնիսկ ամենածածուկ ծրագիրները։
11 Մարդոցմէ ո՞վ կրնայ մարդուս խորհուրդները ճանչնալ, եթէ ոչ՝ նոյնինքն մարդուս հոգին որ իր մէջն է։ Նոյնպէս ալ ո՛չ ոք կրնայ գիտնալ Աստուծոյ խորհուրդները, եթէ ոչ՝ Աստուծոյ Հոգին։
12 Արդ, մենք այս աշխարհի հոգին չէր որ առինք, այլ՝ Աստուծմէ ղրկուած Հոգին, որպէսզի ճանչնանք Աստուծմէ մեզի շնորհուած պարգեւները։
13 Եւ ինչ որ կը խօսինք՝ մարդկային իմաստութեան բերումը եղող խօսքեր չեն, այլ՝ Սուրբ Հոգիին կողմէ սորվեցուած իմաստութեամբ հոգեւոր ճշմարտութիւններ կը բացատրենք հոգեւոր մարդոց։
14 Աստուծոյ Հոգին չունեցող մարդը չ՚ընդունիր Աստուծոյ Հոգիին բերած ճշմարտութիւնները, որովհետեւ անոնք յիմարութիւն կը թուին իրեն. եւ չի կրնար զանոնք ճանչնալ, որովհետեւ անոնք միայն Հոգիով կը քննուին։
15 Իսկ Աստուծոյ Հոգին ունեցող մարդը ամէն ինչ կը քննէ, բայց ինք ոեւէ մէկէն չի քննուիր։
16 Ահա թէ ինչու Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.– «Ո՞վ կրցաւ երբեք Տիրոջ միտքը կարդալ, որ կարենայ խորհուրդ տալ անոր»։ Բայց մենք գիտե՛նք թէ Քրիստոս ինչ կը խորհի։